Ankarayi Miçin arevelki haşvehararı

18.07.2014 Vatan
Թարգմանված է: Pakrat Estukyan /
Orjinal Metin (tr-12.07.2014)

Անգարայի համար Միջին Արեւելքի հաշուեյարդար
12.07.2014, Վաթան

Վարչապետ Էրտողան կ՚ըսէ թէ, եթէ ինք ընտրուի, «Նոր Թուրքիոյ դռները լայն կը բացուին»։ Յստակ է որ այս «Նոր Թուրքիոյ» գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ երկրի միջազգային վարկին բարձրացումն է։ Որոշ է թէ այս ալ կապուած է տարածքաշրջանին մէջ ազդեցիկ, նոյնիսկ բնորոշող տարր մը ըլլալու հետ։ Բայց 10 Օգոստոսի նախօրեակին Թուրքիա որքանով մօտ է Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային ուժ մը ըլլալու։ Նախ արագ ակնարկով մը դիտենք շրջանի խնդիրները եւ Անգարայի որդեգրած դիրքորոշումը։

Պաղեստին՝ Իսրայէլ օրերէ ի վեր նոր կոտորածներ կը գործէ Պաղեստինի մէջ, եւ միջազգային հասարակութիւնն ալ լուռ կը մնայ։ Գալով Թուրքիոյ՝ Հ. Նախագահ Կիւլ երէկ կոչ ուղղեց Իսրայէլին, որ դադրեցնէ Պաղեստինի եւ Կազայի ուղղեալ յարձակումները, ու նաեւ ՄԱԿ-ին եւ միջազգային հասարակութեան, որպէսզի կասեցնեն Իսրայէլը։ Կիւլ Իսրայէլը զգուշացուց, որպէսզի չդիմէ ցամաքային հաւանական յարձակումի մը։ Վարչապետ Էրտողան ալ յստակօրէն դիրք բռնեց Պաղեստինի կողքին եւ Իսրայէլի իշխանութիւնները մեղադրեց «կեանքներնին սուտի վրայ հիմնուած է» ըսելով։ Ծանօթ է Անգարայի եւ ընդհանրապէս հասարակութեան պաղեստինցիներու նկատմամբ զօրակցութեան ոգին։ Բայց կարելի չէ ըսել, որ այս վիճակը ազդեցութիւն մը կրնայ ունենալ Իսրայէլի պետութեան վրայ։ Թուրքիա «Կապոյտ Մարմարա»յի դէպքէն ետք Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները նուազագոյնի իջեցնելով հրաժարեցաւ նաեւ այդ երկրի վրայ ազդեցութիւն մը ունենալէ։ Հետեւաբար Էրտողան երէկ բաւարարուեցաւ Իսրայէլը միջազգային հասարակութեան բողոքելով եւ արդէն դժուարաւ յառաջացող բնականոնացման գործընդացը կասեցնելով միայն։

Իրաք՝ Էրտողան երեկուայ իր ելոյթին երբ կը դիմեր Իրաքի, Դամասկոսի Իսլամ պետութեան (ԻՏԻՊ) պահ դրած թուրք պատանդները վերադարձնելու համար, կ՚օգտագործէր իսլամական պատգամներ։ Մինչդեռ Թուրքիա եւ ԻՏԻՊ կամ նոր անուանումով Իսլամ Պետութիւն (ԻՊ) միշտ ալ իսլամութեան ընկալման խնդրին մէջ լուրջ տարակարծութիւններ ունին։ Սակայն պատանդներու անվտանգութիւնը եւ կարգ մը այլ պատճառներ արգելք կ՚ըլլան Թուրքիոյ մէջ ԻՊ-ի քննարկման եւ քննադատման։ Այսինքն պատանդներու խնդիրը պատանդ վերցուցած է նաեւ Թուրքիոյ Իրաքեան քաղաքականութիւնը։ Բացի այդ, Անգարա Իրաքի համար որոշ քաղաքականութիւն մըն ալ չունի։ Այնքան ալ պահանջատեր չէ Իրաքի հողային ամբողջութեան համար։ Այս առումով առարկութիւն մը պիտի չունենայ Քրտական անկախ պետութեան մը հիմնումին դէմ։ Սակայն յստակ չէ թէ Սիւննի արաբները ինչպէս պետութիւն մը կը հիմնեն եւ ամենակարեւորը Շիա արաբները (եւ անոնց զօրակցող Պարսկաստանը) եթէ դիմադրեն Իրաքի պառակտման դէմ, սարսափելի հետեւանքներ կրնայ ունենալ։  

Սուրիա՝ Անգարայի Սուրիոյ նկատմամբ սնուցած բոլոր երազները (Պաասի վարչութեան շուտով անկումը, անոր տեղ Միւսլիւման եղբայրներու գերիշխութեամբ համախոհական կառավարութեան մը կազմուիլը, Տամասկոսին Անգարայի միջոցաւ միջազգային համակարգին յարմարումը...) անկատար մնացին։ Փոխադարձը, Թուրքիա ցարդ բաւական սուղ հատուցման մը ենթարկուեցաւ (իր քաղաքներուն փոխանձուած ահաբեկչութիւն, հետզհետէ աճող գաղթականներուն թիւը...) եւ այս հատուցման բեռը կրնայ աւելնալ։

Անգարա չէ կրցած թոթովել նաեւ Ապտուլլահ Էօճալան/ՓՔՔ շառաւիղի  շարունակութիւնը հանդիսացող ԺՄԿ-ի գոյացած անորոշութենէն օգտուելով ինքնիշխան տարածք մը ապահովելու շփոթութիւնը։ Այդ շփոթութեան մէջ, ԺՄԿ-ի դէմ պատերազմող տարբեր արմատական Իսլամ խմբակներուն ձեւով մը Թուրքայէն օգնութիւն ստանալուն մասին պնդումները միջոցէ մը ի վեր կը խօսուին արեւմտեան կեդրոններու մէջ։

Եգիպտոս՝ Անգարա Եգիպտոսի զինուորական յեղափոխութեան դէմ ելած եւ զօրակցած էր ընտրեալ նախագահ, Մուսուլման եղբայրներու անդամ Մոհամմէտ Մուրսիի։ Սակայն ինք առանցին մնաց այդ գործընթացին մէջ։ Յատկապէս Սուրիական խնդրի շուրջ իր դաշնակիցը եղող Սաուտի Արաբեան, ծոցի իշխանութիւնները գլխաւոր բարեկամները եղան զօրավար Սիսիին։ Այս ալ կ՚ապացուցանէ թէ միջին արեւելքի մէջ կարելի չէ ռազմավարական ամբողջական համագործակցութիւններ կազմել։ Որքան ալ նախագահ Կիւլ նախագահական ընտրութիւններէ ետք շնորհաւորած ըլլայ Սիսին, Թուրքիա դժուար կը վերանորոգէ Միջին արեւելքի եւ արաբական աշխարհի կարեւոր այս երկրին հետ իր յարաբերութիւնները։

Պարսկաստան՝ Ամբողջական ակնարկով մը կարելի է ըսել որ տարածքաշրջանի կարեւորագոյն տագնապներէն Պաղեստինի, Իրաքի եւ Սուրիոյ համար Անգարայի լծակերը այնքան ալ ձեռնտու չեն։ Համարեա ոչինչի հաւասար է նաեւ նոյն տարածքաշրջանի առաջնատար դերակատարներէն Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի հետ յարաբերութիւնները։ Կը մնայ Պարսկաստանը։ Սակայն բաւական դժուար կ՚երեւի Անգարայի եւ Թեհրանի Սուրիական ճգնաժամով խորտակուած յարաբերութիւնները վերահաստատելով Իրաքի եւ Սուրիոյ խնդիրներուն շուրջ նման քաղաքականութիւններ զարգացնելու հաւանականութ




Destek olmak ister misiniz?
Doğru haber, özgün ve özgür yorum ihtiyacı
Bugün dünyada gazeteciler birer aktivist olmaya zorlanıyor. Bu durum, kutuplaşmanın alabildiğine keskin olduğu Türkiye'de daha fazla karşımıza çıkıyor. Halbuki gazeteci, elinden geldiğince, doğru haber ile özgün ve özgür yorumla toplumun tüm kesimlerine ulaşmaya çalışmalı ve bu yolla, kutuplaşmayı artırma değil azaltmayı kendine hedef edinmeli. Devamı için

Վերջին յօդուած (10)
18.07.2014 Ankarayi Miçin arevelki haşvehararı
08.12.2024 Hamas, Hizbullah ve Esad: İran’ın “Direniş Ekseni” tarihe karışırken
22.09.2024 Ruşen Çakır nivîsî: Di benda hevdîtina Erdogan û Esed de
17.06.2023 Au pays du RAKI : Entretien avec François GEORGEON
21.03.2022 Ruşen Çakır: Laicism out, secularism in
19.08.2019 Erneute Amtsenthebung: Erdogans große Verzweiflung
05.05.2015 CHP-şi Goşaonuş Sthrateji: Xetselaşi Coxo Phri-Elişina Mualefeti
03.04.2015 Djihadisti I polzuyutsya globalizatsiey I stanovitsya yeyo jertvami. Polnıy test intervyu s jilem kepelem
10.03.2015 Aya Ankara Az Kobani Darse Ebrat Khahad Gereft?
08.03.2015 La esperada operación de Mosul: ¿Combatirá Ankara contra el Estado Islámico (de Irak y el Levante)?
18.07.2014 Ankarayi Miçin arevelki haşvehararı